Վատիկանի Գրեգորյան եւ Արեւելյան համալսարանների տնօրինության հրավերով մայիսի 19–ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախոսություն է կարդացել «Միջին Արեւելքի եկեղեցիները դիմագրավող մարտահրավերները» խորագրով։

Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ Վեհափառ Կաթողիկոսին պատուիրակութեան անդամները: Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր խօսքը սկսաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով տագնապներով լեցուն Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ապա, ան լայնօրէն անդրադարձաւ երկու կարեւոր խնդիրներու.-

ա) Քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու անտեսումը իբրեւ քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ (բացի Լիբանանէն):

Յիշեալ երկու դժուարութիւններուն առաջքը առնելու կարելիութիւններուն ուղղութեամբ իր տեսակէտները պարզեց Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ան շեշտեց, թէ շրջանէն ներս քրիստոնէութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, որ ըլլայ իրատես ու գործնական՝ համապատասխան աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու հոլովոյթին: Այս ուղղութեամբ, Հայրապետը եօթը կէտեր ընդգծեց՝ իւրաքանչիւրին պարագային անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալով.- ա) ամուր կապուածութիւն ապրած երկիրներուն, բ) համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում, գ) կրօնական ինքնութեան եւ ազգային ինքնութեան փոխ-կապակցութիւն, դ) փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացողութեան յստակացում, ե) քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն, զ) սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակէն՝ գործողի դերակատարութիւն եւ է) ինքնակղզիացումէ ու ինքնապաշտպանութենէ՝ մասնակցութիւն:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ եկեղեցիներու միջեւ ամուր գործակցութիւն յառաջացնելու, հասարակաց գետիններ ճշդելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ծաւալելու կարելիութիւններու մասին: Այս ուղղութեամբ ան Զատկուան միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: Ան նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներու կրթական առաքելութիւնը վերակազմակերպելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց որոշ կարելիութիւններ, միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու գծով:

Իր դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն՝ իրենց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդի յարաբերութիւնը ազդու միջոցներով նոր հունաւորում տալու։ Միջին Արեւելքի պետական պատասխանատուներուն՝ իրենց եկիրներու կեանքին աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կարելիութիւնը տալու իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն: Արեւմտեան երկիրներուն՝ իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Եկեղեցիներու սփիւռքներուն՝ իրենց հաւատարմութիւնը գործնական միջոցներով ցոյց տալու թէ՛ իրենց մայր եկեղեցիներուն եւ թէ՛ իրենց հայրենիքներուն նկատմամբ:

Դասախօսութենէն ետք, համալսարանի տնօրէնութիւնը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարանի դասախօսները:

Source: https://news.am/hy/news/1036810